ՄԷԿ. Տանիլ չեմ կրնար:

ԵՐԿՈՒ. Ինչու՞:

ՄԷԿ. Չեմ գիտեր:

ԵՐԿՈՒ. Մի՞շտ այդպէս եղած էք:

ՄԷԿ. Մանուկ հասակէս:

ԵՐԿՈՒ. Եւ երբեք չէ՞ք փորձած:

ՄԷԿ. Անձրևին տակ դուրս գա՞լ: Ի հարկէ փորձած եմ, քանի մը անգամ նոյնիսկ, բայց միևնոյն է, տանիլ չեմ կրնար:

ԵՐԿՈՒ. Կրթութեան հարց է: Երանի Ձեր ծնողները Ձեզ ստիպէին:

ՄԷԿ. Ոչ: Աւելի բնաւորութեան հարց է: Իսկ դու՞ք, վստահ, բաներ կան որոնք չէք տանիր:

ԵՐԿՈՒ. Ի հարկէ: Կրակը օրինակ: Ես ոչ մէկ գնով կը պտտէի հրդեհէ բռնկուած անտառի մը մէջ: Բայց ես գիտեմ ինչու:

ՄԷԿ. Անբաղդատելի բաներ են:

ԵՐԿՈՒ. Ճիշտ էք, քանի որ կրակին հետ, նոյնիսկ եթէ ստիպէին… Բայց Ձեր պարագային, եթէ քիչ մը ջանք թափէիք… վստահ եմ որ անձրևի տակ պտոյտ մը շատ տանելի կը գտնէիք:

ՄԷԿ. Բնականաբար: Պարզապէս ես կը նախընտրեմ սպասել որ օդը լաւ ըլլայ:

ԵՐԿՈՒ. Իսկ ե’ս ալ կը նախընտրեմ սպասել որ օդը լաւ ըլլայ:

ՄԷԿ. Իսկ ես լաւ օդին սպասելու համար յատուկ նախընտրութիւն ունիմ:

ԵՐԿՈՒ. Բայց ի վերջոյ, յատուկ բան մ’ունի՞ք անձրևին դէմ:

ՄԷԿ. Ե՞ս, ոչ: Կը սիրեմ անձրևը: Աղուոր բան է: Կը սիրեմ իր ձայնը: Ծաղիկներուն օգտակար է: Ինչ որ չեմ սիրեր, անձրևին տակ պտտիլն է:

ԵՐԿՈՒ. Բայց ե’ս ալ չեմ սիրեր անձրևին տակ պտտիլ: Միշտ ալ պէտք է Դուք Ձեզի արտակարգ անձի դեր տաք: Ոչ ոք կը սիրէ անձրևին տակ պտտիլ: Սակայն բոլորն ալ կը տանին:

ՄԷԿ. Իսկ ես իւրայատուկ ձև ունիմ այդ չսիրելու. չեմ տանիր:

ԵՐԿՈՒ. Այդքան ալ պարզ չէ հարցը: Ենթադրենք որ դաշտերուն մէջտեղը կը գտնուիք: Պաշարուած էք: Աջին գտնուող անտառը կ’այրի, ձախ կողմէն ալ անձրև կը սկսի: Հիմա ի՞նչ կ’ընէք:

ՄԷԿ. Կը սպասեմ որ այդ ամէնը վերջ գտնէ:

ԵՐԿՈՒ. Բայց վերջ չի’ գտներ: Ընտրութիւն պէտք է կատարել: Ի՞նչ կ’ընտրէք:

ՄԷԿ. Անձրևը կ’ընտրեմ: Բնականաբար: Բայց առանց ուրախութեան:

ԵՐԿՈՒ. Սակայն նոր ըսիք որ անձրևը կը սիրէք:

ՄԷԿ. Անձրևը կը սիրեմ, այո, բայց հեռուէն:

ԵՐԿՈՒ. Տարօրինակ մարդ էք:

ՄԷԿ. Ո’չ, տարօրինակ մարդ չեմ: Որոշ բաներ կրնաք սիրել, բայց ոչ շատ մօտիկէն: Օրինակին համար կրակը, որը չէք տանիր, վստահ եմ որ կրակ կը սիրէք:

ԵՐԿՈՒ. Ի հարկէ կը սիրեմ: Կը սիրեմ ծխամորճս հետը վառել… կը սիրեմ մաքարոնիները հետը եփել…

ՄԷԿ. Բայց հրդեհին մէջտեղը պտտիլ չէք սիրեր: Իմ պարագայիս, չեմ սիրեր անձրևին տակ պտտիլ, նոյն բանն է:

ԵՐԿՈՒ. Ո’չ, կրակը տարբեր է: Որովհետև կրակը կ’այրէ: Երկար ժամկէտով նոյնիսկ մահացու է:

ՄԷԿ. Բայց նոյն բանը կ’ըսեն ալքոհոլի մասին, սակայն Դուք լաւ ալ ալքոհոլ կը խմէք:

ԵՐԿՈՒ. Ալքոհոլը երկար ժամկէտով մահացու է, բայց կրակի ժամկէտը տարբեր է: Կրակի պարագային, ժամկէտը խիստ կարճ է:

ՄԷԿ. Երկար և կարճ ժամկէտներ… Ձեր ըսածը յստակ չէ:

ԵՐԿՈՒ. Լաւ, կ’ընդունիմ որ կրակն ու ալքոհոլը նոյն բանն են քանի երկուքն ալ կ’այրեն: Բայց անձրևը չայրեր:

ՄԷԿ. Ոչ, բայց կը թրջէ:

ԵՐԿՈՒ. Անձրևը չի թրջեր, ջուրն է:

ՄԷԿ. Բայց անձրևն ի՞նչ է եթէ ոչ տեղացող ջուր: Որպէսզի ջուրը թրջէ, պէտք է տեղայ: Այն ջուրը որ միայն հոսելով կը բաւարարուի, ափերուն վրայ պտտող մարդկանց չի թրջեր:

ԵՐԿՈՒ. Այո: Որպէսզի գետը քեզ թրջէ, պէտք է մէջը իյնաս:

ՄԷԿ. Իյնալ: Ահաւասիկ: Թրջուելու համար պէտք է բան մը իյնայ: Կամ ջուրը վրադ կ’իյնայ, կամ դուն ջուրը կ’իյնաս: Երկու պարագային ալ անկում մը կայ… Կարելի է նոյնիսկ հարց տալ. անկու՞մն է թրջողը կամ ջուրը:

ԵՐԿՈՒ. Այո… Սակայն ոչ հասարակ անկում: Եթէ օրինակին համար քար իյնայ Ձեր գլխուն կամ Դուք իյնաք աստիճաններուն մէջ, երկու պարագաներուն մէջ Դուք չոր պիտի մնաք: Որպէսզի անկումը թրջէ, հարկաւոր է ջուրով ըլլայ:

ՄԷԿ. Այս պէտք է արձանագրեմ ծոցատետրիս մէջ. «թրջուելու համար պէտք է 1) ջուր, 2) անկում»: Բաւական բարդ է:

ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչ կը կարծէիք… Հիմա, ինչ որ Ձեզ կը խանգարէ անձրևին մէջ, անկումը չէ այլ թրջուիլը:

ՄԷԿ. Հա… Չնայած անձրևը ինծի կը խանգարէ երբ ես տակը կը պտտիմ: Միակ պարագային, երբ անձրևը չեմ տանիր, անձամբ թրջուելու ժամանակ է: Մնացած ժամանակը, ով կ’ուզէ թող թրջուի… ինչպէս Լուկրեցիուսը կ’ըսէր, իմ հոգս չէ:

ԵՐԿՈՒ. Եւ եթէ անձրևը չթրջէր, Դուք սիրով կ’ընդունէի՞ք տակը պտտիլ:

ՄԷԿ. Վստահաբար: Եթէ չթրջէր…

ԵՐԿՈՒ. Լաւ: Ուրեﬓ անձրևը չէ Ձեզ խանգարողը:

ՄԷԿ. Ապա ի՞նչ է:

ԵՐԿՈՒ. Թրջուիլն է:

ՄԷԿ. Թրջուիլը խանգարիչ է, ճիշտ է:

ԵՐԿՈՒ. Ինչ ալ թրջէ միևնոյնն է, անձրևը կամ ուրիշ բան:

ՄԷԿ. Այդպէս է: Չեմ սիրեր թրջուիլ, ինչ ալ զիս թրջէ, անձրևը կամ ուրիշ բան:

ԵՐԿՈՒ. Ուրեﬓ կ’ենդաթրեմ որ երբեք չէք լոգնար:

ՄԷԿ. Ի հարկէ կը լոգնամ, ամէն օր նոյնիսկ:

ԵՐԿՈՒ. Բայց առանց թրջուելու:

ՄԷԿ. Ի հարկէ կը թրջուիմ: Ջուրին հետ ուրիշ ձևով չ’ըլլար:

ԵՐԿՈՒ. Եւ չէ՞ք տանիր:

ՄԷԿ. Ոչ, կը տանիմ:

ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչու:

ՄԷԿ. Ինչ ալ ըսէք, անձրևը ցնցուղէն տարբեր է:

ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչով տարբեր է:

ՄԷԿ. Անձրևը ցնցուղէ՞ն: Պարզ է, ցնցուղին տակ ես մերկ եմ:

ԵՐԿՈՒ. Լաւ: Ուրեմն անձրևը չէք սիրեր որովհետև Ձեզ կը թրջէ հագուած վիճակին մէջ:

ՄԷԿ. Այդպէս: Ատիկա չեմ սիրեր:

ԵՐԿՈՒ. Տարօրինակ է: Ըսել է որ երբ բոլորովին մերկ էք, անձրևին տակ պտտիլ Ձեր հոգը չէ:

ՄԷԿ. Այո: Չնայած… իրականութեան մէջ երբեք չէ պատահած:

ԵՐԿՈՒ. Երբե՞ք:

ՄԷԿ. Ոչ, երբեք:

ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչու:

ՄԷԿ. Հըմ, կ’ենթադրեմ որ ոստիկանութեան պատճառաւ է…

ԵՐԿՈՒ. Ահա: Ահաւասիկ թէ ինչ կը յայտնաբերուի երբ քիչ մը ջանք կը թափենք տրամաբանելու համար: Կ’ըսէք՝ «անձրևը չեմ սիրեր», և իրականութեան մէջ, ի՞նչ կը նշանակէ: Պարզապէս որ ոստիկանութենէն կը վախնաք: Ամօթ բան չէ: Բայց ի՞նչու անմիջապէս չըսիք:

ՄԷԿ. Որ ոստիկանութենէ՞ն կը վախնամ:

ԵՐԿՈՒ. Քանի որ իրականութիւնն է:

ՄԷԿ. Ուրեմն ահա, Ձեզի կ’ըսեմ՝ ոստիկանութենէն կը վախնամ:

ԵՐԿՈՒ. Այո: Ահաւասիկ իրականութիւնը… բայց ամենևին պարզ չէ: Տակաւին հարկաւոր է իմանալ թէ ի՞նչու ոստիկանութենէն կը վախնաք…

ՄԷԿ. Սպասեցէ’ք, մէկ վայրկեան: Ես տևական կերպով ոստիկանութենէն չե’մ վախնար: Անկէ միայն կը վախնամ երբ դուրս ելլելու սիրտ ունիմ և կ’ուզէի մերկ ելլել որովհետև անձրև կու գայ:

ԵՐԿՈՒ. Դուք ոստիկանութենէն կը վախնաք անձրևի պարագային:

ՄԷԿ. Այո:

ԵՐԿՈՒ. Երբ անձրևը կը դադրի, այլևս չէք վախնար:

ՄԷԿ. Ոստիկանութենէ՞ն: Այո… տրամաբանական է:

ԵՐԿՈՒ. Ուրեմն բան չխանգարեր որպէսզի մերկ պտտիք երբ օդը լաւ է:

ՄԷԿ. Բան չխանգարեր:

ԵՐԿՈՒ. Հա, հա:

ՄԷԿ. Չնայած դեռ արգելք մը կայ:

ԵՐԿՈՒ. Անձրևը չի կրնար ըլլալ, նոր համարեցինք որ օդը լաւ է:

ՄԷԿ. Ճիշտ է, ուրեմն հաւանաբար ոստիկանութիւնն է:

ԵՐԿՈՒ. Նորէն ոստիկանութիւնը… ըսել է որ կրնայ վախ պատճառել նոյնիսկ երբ անձրև չի տեղար:

ՄԷԿ. Ճիշտ է, անձրևին կամ արևուն, միշտ ոստիկանութենէն կը վախնամ:

ԵՐԿՈՒ. Եւ այդ ոստիկանութեան վախէն կը վախնաք, որ Ձեր վրայ անձրևէ:

ՄԷԿ.Այո: Կարծեմ որ ատոր ապացոյցը բերիք: Այս ի՜նչ վիճակ է:

ԵՐԿՈՒ. Ի վերջոյ, հաւանաբար ճիշտ էիք ըսելով որ արտակարգ անձ էք: Զարմանալի է որ ոստիկանութիւնը Ձեր վրայ այդպիսի ազդեցութիւն ունենայ…

ՄԷԿ. Այո, մանաւանդ որ չեմ կարծեր թէ ան դիտմամբ կ’ընէ:

ԵՐԿՈՒ. Այդպէս ալ կը մտածեմ: Անկէ չի գար, Ձեզմէ կու գայ:

ՄԷԿ. Ոչ, որովհետև եթէ ոստիկանութիւնը գոյութիւն չունենար, ես ոստիկանութենէն պիտի չվախնայի:

ԵՐԿՈՒ. Վստահ է՞ք:

ՄԷԿ. Այո:

ԵՐԿՈՒ. Երբ ոստիկանութիւն չկայ չէ՞ք վախնար:

ՄԷԿ. Ոչ:

ԵՐԿՈՒ. Այս վայրկեանին օրինակ, ոստիկանութիւն չկայ…

ՄԷԿ. Ոչ:

ԵՐԿՈՒ. Բու՜:

ՄԷԿ. Վայ՜, վախցուցիք ինծի:

ԵՐԿՈՒ. Կը տեսնէք: Այնուամենայնիւ վախցաք: Սակայն ես ոստիկանութեան աշխատող չեմ:

ՄԷԿ. Ոչ:

ԵՐԿՈՒ. Ուրե՞մն:

ՄԷԿ. Ուրեմն…

ԵՐԿՈՒ. Ուրեմն վախցաք որովհետև…

ՄԷԿ. Որովհետև…

ԵՐԿՈՒ. Որովհետև վախկոտ էք, այդ է իրականութիւնը: Ի՞նչու սկիզբէն չըսիք, փոխանակ ձևեր թափելու:

ՄԷԿ. Չեմ գիտեր… չեմ գիտեր…

ԵՐԿՈՒ. Երբեք բան մը չէք գիտեր:

ՄԷԿ. Կ’ենթադրեմ որ վախկոտ ըլլալու ամօթէն կու գայ:

ԵՐԿՈՒ. Ատոր դէմ բուժում կայ:

ՄԷԿ. Կայ՞:

ԵՐԿՈՒ. Այո, օրինակ ի՞նչու անձրևանոց չէք գներ:

ՄԷԿ. Անձրևանո՞ց:

ԵՐԿՈՒ. Այո, անձրևանոց մը, իմինիս պէս: Տեսնենք ու՞ր դրի զայն…

ՄԷԿ. Հիմա ատոր պէտք չունիք: Այլևս չանձրևեր: Որովհետև անձրևին դէմ, միայն անձրևանոցները չեն որ օգտակար են: Համբերութիւնն ալ կայ:

ԵՐԿՈՒ. Համբերութիւնն ալ կարելի է կորսնցնել, աւելի դիւրութեամբ քան անձրևանոց մը:

ՄԷԿ. Եւ սակայն, ի՜նչքան համբերութիւն պէտք է երբ անձրևանոցդ կորսնցուցեր ես: Բայց երբ համբերութիւնդ կը հատնի, անձրևանոցով չէ որ ետ կը գտնես:

ԵՐԿՈՒ. Համբերութիւնս ի՞նչով կրնամ ետ գտնել:

ՄԷԿ. Համբերութեամբ:

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.